ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երէկ շփումներ ունեցաւ Ռիատի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին կողմէ։ Օպամա Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի գագաթաժողովին։

Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ Ապրիլի 25-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պիտի իրականանցնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը, որու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ Հայաստանի առընթեր Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ երէկ գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին մասնակցեցան Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, բազմաթիւ նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ երկրի գիտական աշխարհէն ծանօթ դէմքեր։
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզութեան ախոյենութիւնը՝ մասնակցութեամբ բազմաթիւ վարժարաններէ եկած երկսեռ աշակերտներու:
Սերժ Սարգսեան. «Մեզի համար թանկ է իւրաքանչիւր զինուորի, իւրաքանչիւր սպայի կեանքը»:
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»: