ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուի փխրուն իրավիճակը։ Կրակի դադրեցման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը կը խախտուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ վար առած են Ատրպէյճանի հարուածային անօդաչու թռչող սարք մը՝ հերթական անգամ։

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ուրբաթ, Ապրիլի 1-ի առաւօտուն, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն եւ լիազօր դեսպան Զօհրապ Մնացականեան:
Կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնով հանդերձ, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ սադրանքները կը շարունակուին։
Արցախի ճակատին վրայ երկկողմանի համաձայնութեամբ երէկ կէսօրուան ժամերուն որոշուեցաւ կրակը դադրեցնել առաջնագծին, ներկայ յարաբերական կայունութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ատեն-ատեն կը շարունակեն կրակել, բայց ոչ նոյն թափով, իսկ գիշերը հանգիստ էր:
Արցախի ճակատի վերջին բախումներուն հետեւանքով նահատակուած հայ զինուորներուն յուղարկաւորութիւնները տեղի կ՚ունենան յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս Արցախի զանազան քաղաքներու, այնպէս ալ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան յուղարկաւորութիւնները եւ սգահանդէսները։