ԶԻՆՄԱՆ ՏԵՒԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Ատրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութիւնը ամբողջ թափով կը շարունակուի ռազմական բնագաւառէ ներս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Flight Radar» կայքը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի ռազմական բեռնատար ինքնաթիռները նոր թռիչքներ կատարեցին դէպի Իսրայէլ։
Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վաղեմի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի պիտի զարգանան։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել՝ Պաքուի կողմէ այդքան յամառօրէն յառաջ տարուած Զանգեզուրի միջանցքի մարտահրաւէրը։ Մոսկուան ալ այս հարցին մէջ Պաքուի կողքին դիրք կը գրաւէ, իսկ Երեւանի միակ համախոհն ու գործակիցը Թեհրանն է այս տագնապին շուրջ։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւններու մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հայաստան օրինապէս կը շարունակէ մնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) լիիրաւ անդամ, սակայն, ներկայիս երկրի ղեկավարութիւնը փաստացի կը հետեւի այս համագործակցութենէն հեռանալու գծին, ինչ որ կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռումանիա եւ Հունգարիա որոշեցին համատեղ ընկերութիւն մը ստեղծել՝ Սեւ ծովու յատակով ելեկտրահաղորդման հանգոյց մը անցընելու նպատակով։ Այս քայլը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Ատրպէյճանէն աւելի շատ վերականգնեալ, կանաչ ելեկտրական ուժանիւթ մատակարարուի դէպի Եւրոպա։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի վաղը պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի գայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Տասներկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ Եգիպտոսէն Թուրքիա նախագահի մակարդակով այցելութիւն մը պիտի տրուի։
Իլհամ Ալիեւ մերժեց ընդառաջ երթալ՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ բարձրաձայնուած վերջին միտքերուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ այցելեց Թիֆլիզ, ուր բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Չիքովանիի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ ծրագրային աշխատանքի ընթացքին։