ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԵՐԵՒԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը ներկայացնելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նոյն նպատակով յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Թուրքիայէն լրագրողներու այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Հայաստան։
29 Հոկտեմբերը այս տարի եւս մեծ համախմբում ապահովեց Հանրապետութեան հիմնարար արժէքներուն շուրջ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի երկրի տնտեսութեան աճի ներուժը մեծնայ։ Ան համոզուած է, թէ վաղ թէ ուշ Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի զարգանայ՝ սեփական հնարաւորութիւններուն համապատասխան։
Հունգարիոյ վարչապետը Վրաստան այցելեց՝ յետընտրական լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:
Էլչին Էմիրպէյով COP29 գագաթաժողովին ընդառաջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ ծաւալեց:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ կը շարունակէ իր ամուր երթը։ Այսօր դարձեալ Հանրապետութեան տօնն է։ Ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի 29 Հոկտեմբերը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արդէն 101 տարեկան է…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Համընդհանուր թշուառութեան մէջ մարդոց բարեկեցութիւնը աչքի փուշի կը վերածուի»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն։
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքմամբ։ Իր խօսքով՝ սա կը համապատասխանէ ամբողջ ԱՊՀ-ի շահերուն՝ ներառեալ տուեալ երկու երկիրները։