ՅԱՋՈՂ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Մոսկուա-Փեքին յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով կը զարգանան բաւական յաջող։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան դէպի Փեքին աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս տեսակցեցաւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Տոնկ Եունի հետ։
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան վերջին օրերուն այցելեց հարեւան Իրաք։ Բացի Պաղտատի մէջ կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելէ, Փեզեշքիան այցելեց նաեւ Հիւսիսային Իրաք, ուր քրտական ինքնավարութեան իշխանութիւնները եւս ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին իրեն վերաբերեալ։
Շարլ Ազնաւուրի շարժանկարի ճանապարհորդութիւնը յատուկ ծրագրով մը կ՚արժեւորուի Երեւանի կեդրոնին:
Հանրակրթական դպրոցներու 8-րդ դասարանի պատմութեան նոր դասագրքին մէջ տեղ գտած է վիճայարոյց հատուած մը, ըստ որուն՝ 19-րդ դարասկիզբին Ռուսաստանը բռնակցած էր Արեւելեան Հայաստանը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քըլըչ եւ Կալուզին տարածաշրջանի վիճակը արժեւորեցին՝ «3+3» ձեւաչափի տրամաբանութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Մեր անվտանգութեան երաշխաւորը կա՛մ մենք ենք եւ կամ չկայ երաշխաւոր»:
1954 թուականին «Կոմիտաս» քառեակը առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ մէջ։ Քառեակի ելոյթները բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, անոնց մասին տասնեակ յօդուածներ լոյս տեսան «Daily Mail», «Daily Telegraph», «Times», «News Chronicle» եւ բազմաթիւ այլ թերթերու մէջ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատուրեանի վերջին ձայնասկաւառակը արժանացաւ գերմանացի քննադատներու կողմէ շնորհուած յատուկ մրցանակի մը, որ առանձնապէս կը տրուի միայն լաւագոյն ձայնագրութիւններուն։