ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ «ԳՆՈՐԴ» ՉԿԱ՞Յ...
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով օրերս տեղի ունեցած համաժողովի ընթացքին, կառավարութեան ղեկավարը կրկին խօսեցաւ այն դրոյթներուն մասին, որոնց քանիցս անդրադարձած է տարբեր առիթներով։
Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս այս շրջանին ընդհանուր լաւատեսութիւն մը կը տիրապետէ։ Այժմ օրակարգի վրայ է Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարը։
Թուրքիա կ՚ընդգծէ, որ երբեք պիտի չարտօնէ՝ իր սահմաններէն անդին ահաբեկաստանի մը ստեղծման:
Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ կազմակերպուած BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Անոնք քննարկեցին Երեւան-Պաքու ենթադրեալ պայմանագրին եւ սահմանազատման վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։
Երէկ, Անգարայի մէջ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ցնցեց ամբողջ Թուրքիան։ Այսպէս, ահաբեկչական յարձակում մը գործուեցաւ Թուրքիոյ օդագնացութեան եւ անջրպետի արդիւնաբերութեան ընկերութեան (TUSAŞ) վրայ։ Դժբախտաբար դէպքը խլեց 5 նահատակ, կայ նաեւ 22 վիրաւոր։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Անգարայի մէջ պատահած դէպքին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը որեւէ արդարացում չունի։
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Վլատիմիր Փութին հանդիպում. Ռուսաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ BRICS-ի անդամակցութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամիպոնէն մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հաքան Ֆիտանի հետ տեսակցութեան շուրջ: