Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԴԷՆ ԱՐՏԱՔՍԱԾ ԷՐ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած Պրիւք­սէ­լի վեր­ջին զգա­յա­ցունց յար­ձակ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց շատ կա­րե­ւոր տուեալ­ներ։

ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՅՈՅՍԵՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի շփում­ներ ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն յա­ջո­ղած են յա­ռա­ջըն­թա­ցի հաս­նիլ բազ­մա­թիւ բարդ հար­ցե­րու շուրջ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ Գեղամ Գրիգորեան

Կեան­քէն հե­ռա­ցած է հայ ա­նուա­նի օ­փե­րա­յի եր­գիչ (թե­նոր) եւ բե­մադ­րիչ, Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար, Լի­թուա­կան վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ, «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» եւ «Հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մար» ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի մե­տայ­լա­կիր Գե­ղամ Միհ­րա­նի Գրի­գո­րեան:

ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա։ Այս առ­թիւ ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէյ­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­ներ յանձ­նեց «Փիւ­նիկ» մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րու զար­գաց­ման հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր մարմ­նի եւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, նաեւ շարք մը ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու։

ԾԻԾԱՂԻ՞Լ ԹԷ ՈՂԲԱԼ, ԿԱՄ՝ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՆԻՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԵՐԹՕՆԸ

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մէն ներս Նի­սի տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կուի։ Թէեւ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի վեր­ջին ջան­քե­րուն շնոր­հիւ կան յոյ­սի նշոյլ­ներ, սա­կայն գործնա­կան ար­դիւն­քը կը բա­ցա­կա­յի։ Առ­կայ վի­ճա­կին մէջ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ»ի սիւ­նակ­նե­րուն յայտ­նուե­ցաւ Նի­սէն Նու­պար Սե­րով­բեա­նի յօ­դուա­ծը, զոր կ՚ար­տատ­պենք յա­պա­ւում­նե­րով։

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐ

Պրիւք­սէ­լի օ­դա­կա­յա­նին մէջ այս առա­ւօտ պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­ւոր եր­կու պայ­թում, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան «American Airlines» ըն­կե­րու­թեան ճամ­բորդնե­րու ար­ձա­նագր­ման տա­ղա­ւարնե­րու մեր­ձա­կայ­քին։ Սկզբնա­կան տուեալ­նե­րով 17 հո­գի զո­հուե­ցաւ, ա­ւելի քան 30 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Աւելի վերջ պայթում մըն ալ պատահեցաւ քաղաքի մեթրոյին մէջ։

Էջեր