ROLLS-ROYCE-Ի ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Բրիտանական հեղինակաւոր Rolls Royce ընկերութիւնը ներկայացուցած է ինքնաշարժի բեռնախցիկին մէջ իրերու տեղափոխման համար նախատեսուած յատուկ ձեւագծումով պայուսակներու թանկարժէք հաւաքածոն: Անոնք նախատեսուած են բացառապէս Rolls Royce Wraith տիպի ինքնաշարժին համար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Երոտեսիլ 2016»ի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Իվեթա Մուկուչեան։ Վաղը ան պիտի մեկնի Սթոքհոլմ, ուր նախատեսուած է այս տարուան մրցոյթը։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Գիտութեան եւ փորձագիտութիւններու մերձացում» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցած բացման նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արդիւնաբերութեան մէջ գիտական լուծումները կիրառելու գործընթացէն ներս առկայ բացերուն եւ անոնց միջեւ կամուրջներ ստեղծելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հարցեր։