ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Լիբանանահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան վերջերս այցելեց Պէյրութի Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ վարժարանը։ Ան բժշկական գիրքերու եւ յօդուածաշարքերու յայտնի հեղինակ մըն է եւ իր նորագոյն գործին շնորհանդէսը վերջերս տեղի ունեցած էր Պէյրութի մէջ։

Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ու պատմական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Վոսփորի Եւրոպական ու Ասիական ափերը միացան երրորդ անգամ։ Վոսփորի երրորդ կամուրջին ճանապարհային վերջին հատուածը զետեղուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայիս կը զբաղեցնեն երկու երկիրներու համատեղ օրակարգը։
Փոխ-վարչապետը Տոլմապահչէի մէջ երէկ առաւօտ նախաճաշի սեղան մը սարքեց ի պատիւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ քննարկեց բազմաբնոյթ խնդիրներ:
Պրիւքսէլի մէջ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողովը:
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ բարեգործական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Իմ արեւը դարձիր»։