ԵՐԿՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզութեան ախոյենութիւնը՝ մասնակցութեամբ բազմաթիւ վարժարաններէ եկած երկսեռ աշակերտներու:
Սերժ Սարգսեան. «Մեզի համար թանկ է իւրաքանչիւր զինուորի, իւրաքանչիւր սպայի կեանքը»:
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը, զոր հրատարակած էինք երէկ։ Նոյն առթիւ Պերճ Սեդրակեանն ալ հանդէս եկած է կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահին այս կոչը։
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան բարձրաստիճան սպաներու հետ:
Ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան նուաճեց Փուլիցէրի հեղինակաւոր մրցանակը։ Ան այս կարեւոր մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին մաս կազմելու իրաւունք շահեցաւ բանաստեղծութեան անունակարգէն ներս։