ՕՔՍԷՆ ԽԱՉԱՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ
Շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած մեր համայնքի երիտասարդներէն Օքսէն Խաչանեան երէկ արդէն դուրս եկաւ Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցէն, ուր դարմանման տակ առնուած էր դէպքէն վերջ։
Թուրք պատմութեան հիմնարկը (TTK) կը պատրաստուի հայկական հարցին վերաբերեալ լայնածաւալ հրատարակութիւնով մը հանդէս գալ։
Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավար կազմի հաւաքները սկսան Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ, Հիւսիսային պողոտային վրայ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը Երեւանի մէջ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ