ԵԽԽՎ-Ի ԲԱՆԱՁԵՒԵՐԷՆ ՄԻՆ ՄԵՐԺՈՒԱԾ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշրջանին շրջագծով երէկ օրակարգի վրայ եկան երկու բանաձեւեր, որոնք առընչութիւն ունէին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ։ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքին այդ բանաձեւերէն մին մերժուեցաւ։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի կը շարունակէ դէպի Եւրոպա իր ուղեւորութիւնը, որ առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։ Այս շրջագծով Հասան Ռուհանի երէկ այցելեց Վատիկան, ուր Առաքելական պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործողութիւնը տեղի ունեցած է հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ։ Glendale Memorial հիւանդանոցէն ներս Տէր-Պետրոսեան վիրահատուած է աղիքի քաղցկեղի հետեւանքով։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին յաջորդած դատաիրաւական գործընթացին շրջագծով երէկ ապրուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Վճռաբեկ ատեանի որոշմամբ միացուեցան այս գործին վերաբերեալ երկու դատերը։
