ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Վահագն Յովնանեանի յուղարկաւորութեան:
Յայտնի բարերարին նկատմամբ վերջին յարգանքը մատոյց նաեւ Սերժ Սարգսեան:
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Վահագն Յովնանեանի յուղարկաւորութեան:
Յայտնի բարերարին նկատմամբ վերջին յարգանքը մատոյց նաեւ Սերժ Սարգսեան:
Մարտինի Տարկեչիթ գաւառակէն երէկ հասաւ չորս ոստիկաններու նահատակութեան դժբախտ լուրը։ ՓՔՔ կազմակեր&
Հայազգի կրոսմասթըր Լեւոն Արոնեան Սենթ Լուիզի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ աւարտած ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»ի միջազգային մրցաշարքին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Վեսելին Թոփալովի (Պուլկարիա) հետ, տիրացաւ մրցաշարքին տիտղոսին:
1915-ի իրադարձութիւններէն հարիւր տարի անց պատմական դէպքերը պաստառ կը բարձրանան երկու մանուկներու հայեացքով՝ «Կորուսեալ թռչուններ» շարժապատկերի միջոցով։
Պերլինի մէջ Սեպտեմբեր 5-ին տեղի պիտի ունենայ գերմանական «Հայնրիխ Պէօլ» հիմնարկի կազմակերպած «Անցեալի ներկան. 1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագրով խորհրդաժողովը։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Քոպանի-Սուրուչ-Իսթանպուլ-Երեւան առանցքին վրայ ապրուած ոդիսականին աւարտը:
Թովմասեանները օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան եւ իրենց կացավայրը առաջնորդուեցան պատասխանատուներուն կողմէ:
Իսթանպուլի 14-րդ պիէնալը Սեպտեմբերի 5-էն սկսեալ պիտի հիւրընկալէ արուեստասէրները։ Այս տարուան պիէնալը տեղի կ՚ունենայ «Աղի ջուր. մտապատկերներու տեսութիւն» խորագրով։ Արուեստի հեղինակաւոր փառատօնի շրջագծով պիտի ըլլայ նաեւ հայկական ծրագիր մը՝ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի Դիլիջանի արուեստի նախաձեռնութեան աջակցութեամբ։
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին հերթական ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստին առաջին անգամ մասնակցեցան Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութեան պատկան անդամները։
6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի տխուր դէպքերուն 60-րդ տարեդարձին առթիւ «Իստոս» հրատարակչութիւնը հրապարակեց խիստ հետաքրքրաշարժ պատկերագիրք մը՝ «Պատրիարքական լուսանկարիչ Տիմիթրիոս Քալումենոսի ոսպնեակէն 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ը» խորագրով։