ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔՆՆՉԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Հայաստանի Քննչական կոմիտէին նուիրեց շարք մը սարքաւորումներ եւ համակարգչային ծրագրեր՝ քրէական գործերու թուայնացման նպատակով։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս եւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան։