ԼՈՒՐՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Փոխ-վարչապետը Տոլմապահչէի մէջ երէկ առաւօտ նախաճաշի սեղան մը սարքեց ի պատիւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ քննարկեց բազմաբնոյթ խնդիրներ:
Եալչըն Աքտողանի հետ կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն ընդգծուեցաւ առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը: Թրքահայ գործիչները ընդհանրապէս դրական տպաւորութիւններ ունեցան այս հանդիպումէն:
Պրիւքսէլի մէջ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողովը:
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ բարեգործական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Իմ արեւը դարձիր»։
Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վաղը պիտի այցելէ Թեհրան։ Իրանի Նաւթի փոխ-նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Մուկատամ յայտարարեց, որ Տավուօղլուի այցելութեան ծրագիրը նախատեսուած է երկու օրուան ձեւաչափով։
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս յոբելենական փայլուն հանդիսութիւն:
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի «Հայաստան+28» ձեւաչափով ժողովին ընդառաջ: