«ՕՍՔԱՐ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ՔԸՐՔ ԳՐԳՈՐԵԱՆԻՆ
Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիոյ «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յարգանքի տուրք մատուցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմնադիր հանգուցեալ Քըրք Գըրգորեանի եւ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անցեալ տարի հեռացան կեանքէն:
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս կը շարունակուին փոփոխութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերով Նախարարաց խորհուրդին մէջ նոր դէմք մը ընդգրկուեցաւ։
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարանին մօտ շաբաթավերջին ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, թանգարան այցելեցին հայ արդի արուեստի երկու հսկաներ, որոնք կատարեցին շրջայց մը եւ ստորագրեցին պատուոյ հիւրերու տոմարը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Ժընեւ, ուր կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանին։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մերքէլի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Գերմանիա եւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։