ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան պիտի մասնակցի Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան համաժողովին, որու շրջագծով պիտի քննարկուին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։
Եւրոմիութիւնը բարեփոխումներով կը պայմանաւորէ յառաջիկայ շրջանին Հայաստանին ցուցաբերելիք աջակցութեան չափը:
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը ձգտին լիակատար փոխըմբռնումով պայքարիլ գաղթականներու տագնապին համար։