ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ
Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ ծրագրի մը շուրջ, որով կը նախատեսուի աշխատանքի ձեռնարկել՝ Միջերկրականի արեւելքի բնական կազի պաշարները խողովակաշարներու միջոցաւ դէպի Եւրոմիութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ, շրջանցելով Թուրքիան։
Փարիզի «Քոլեքսիոնէօր» պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան պաշտօնական ընթրիքը, հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։
Պուէնոս Այրէսի հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը, որ կը գտնուի Փալերմօ թաղամասին մէջ, Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի որոշումով ընդգրկուած է քաղաքի շրջագայութիւններու պաշտօնական ցանկին մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որպէս օգնական նշանակեց հայ հեղինակաւոր դիւանագէտ մը:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի 2016 թուականի առաջին ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի երկրի զինեալ ուժերու կազմաւորման 24-րդ տարեդարձը։ Հայոց բանակի օրուան առթիւ, Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, այս առաւօտ Հայաստանի պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի շրջանակներէն ներս։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։