«IMF-Ի ՄՕՏ ՊԵԼԺԻԱՆ ԵՒ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԸ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ»
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէր երէկ Եւրոխորհրդարանի առջեւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի մէջ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ եկած է ազնուութեան, միասնականութեան եւ համերաշխութեան ժամանակը։ Անդրադառնալով փախստականներու հիմնախնդիրներուն՝ Եունքէր դիտել տուաւ, թէ տարեսկիզբէն ի վեր շուրջ 500 հազար հոգի բռնած է Եւրոպա երթալու ճանապարհը։