ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ անվտանգութեան ուժերու գործողութիւնները կը շարունակուին անընդհատ։ Այս շրջագծով, երէկ, Տիարպաքըրէն եւ Պիթլիսէն հասան երկու նահատակներու վերաբերեալ լուրեր, ինչ որ խոր յուզում յառաջացուց բովանդակ երկրէն ներս։

Պեռնի մէջ շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան «Լանտկութ Լոհն» համալիրէն ներս:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այսօր կը տեսակցին Պեռնի մէջ: