ՉԱՐՔԱՇ ՄԱՐԴՈՑ ՊԱՅՔԱՐԸ
Կեսարիոյ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ընթացքին Եոզղատ հաստատուած հայ գաղթականները խօսեցան իրենց սպասումներուն շուրջ:
Ընդհանրապէս արհեստաւորներու ընտանիքներ, որոնք դիմած են՝ մեկնելու համար դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա:
Թուրքիա եւ Գերմանիա Սուլթանահմէտի հրապարակի ահաբեկչութենէն վերջ լիակատար փոխըմբռնման մէջ:
Հայաստանի մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ Հին տոմարի համաձայն եւս նշուեցաւ Ամանորը։ Այս աւանդութիւնը տակաւին կենդանի է Հայաստանի մէջ եւ առիթ կը հանդիսանայ, որ ամէն տարեմուտին տօնական շրջանը երկարաձգուի՝ Ամանորի եւ հին ամանորի միացումով, մօտաւորապէս երկու շաբթուան ժամանակահատուածով մը։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը այս տարի կը բոլորէ իր 40-րդ տարեշրջանը՝ շարունակելով ուսումնական-դաստիարակչական իր փայլուն գործունէութիւնը իբրեւ առաջնակարգ կրթական հաստատութիւն՝ նոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու լայն հեռանկարներով եւ ծրագիրներով:
Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ համալսարանի երկարամեայ դասախօսներէն՝ Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան, նշանակուած է Ուսումնասիրական հարցերու ժամանակաւոր փոխ-տնօրէն։