ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անմենայն պարզութեամբ յայտարարեց՝ այն ինչ, որ բոլորը գիտէին, սակայն, չէին յանդգներ բացէ ի բաց ու բարձրաձայն յայտարարել։ Առանց Փութինի կանաչ լոյսին՝ Ատրպէյճան պիտի չհամարձակէր յարձակիլ Արցախի վրայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին չսկսէր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա սպասուած զրոյց մըն էր՝ քանի Փութին քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ծաւալած քննարկումներէն տեղեակ պիտի պահէր Փաշինեանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հարկ է նշել, որ Իրանի խորհրդարանը վերջերս վաւերացուցած է՝ նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի գլխաւորած կառավարութեան կազմը, որու մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած է Արաղչիին։
Երեւանի Օփերան կը պատրաստուի բանալ նոր եղանակը։ Օգոստոսի 29-ին պիտի սկսի նոր՝ 92-րդ թատերաշրջանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առաջնախաղը ձօնուած պիտի ըլլայ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 155-ամեակին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանին հասցուած մեծագոյն վնասներէն մէկը՝ հասարակութեան արհեստական բաժանումն է հակադիր խումբերու: Եւս աւելի մեծ անհեթեթութիւն է, երբ բաժանումը տեղի կ՚ունենայ՝ ըստ հասարակութեան ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ խումբերու:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Լաւրովի վերջին յայտարարութիւններուն:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ հաղորդուեցաւ, որ համանուն մրցանակի ընտրող յանձնաժողովին միացած է «Քլինթըն» հիմնադրամի փոխ-նախագահ տքթ. Չելսի Քլինթըն, որ հանրային առողջութեան յայտնի փորձագէտ մըն է։