«ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՈՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՄԻԱՅՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ)՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ միջազգային գործընկերները կ՚ահազանգեն, իսկ իշխող քաղաքական ուժի՝ «Քաղպայմանագրի» ներկայացուցիչները լռելեայն կը հաստատեն, թէ Հայաստանին ցրտաշունչ ձմեռներ կը սպասեն յառաջիկայ տարիներուն, թերեւս նաեւ՝ սով եւ Հայաստան պէ՛տք է պատրաստ ըլլայ այդ արհաւիրքին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները անդրադարձան Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով այլ զանազան նիւթերու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Գագաթաժողովի պաշտօնական բացման ընդառաջ, երէկ, Փութին երկկողմանի անպաշտօն հանդիպումներ ունեցաւ կազմակերպութեան անդամ զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա, ուր կը մասնակցի Համպուրկի կայունութեան համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, համաժողովի պաշտօնական բացման մասնակցելէ վերջ Վահագն Խաչատուրեան ներկայ գտնուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Օլաֆ Շոլցի տանտիրութեամբ կազմակերպուած աշխատանքային ճաշին։
Աշխարհահռչակ մեներգիչ, օփերայի կենդանի առասպել Փլասիտօ Տոմինկօ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր շատ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ կը դառնայ։ Երեւանի 16-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջանակներէն ներս, այսօր երեկոյեան նախատեսուած է մեծ համերգ մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վեհափառ Հայրապետը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Նիւ Եորք, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ գագաթաժողովին։