ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ՝ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԵՍԱԿԱՆՕՐԷՆ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԴԱՐՁՈՒԻԼԸ
Պաքու կը շարունակէ յամառօրէն օրակարգի վրայ պահել Երեւանին հասցէագրուած պահանջը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով իտալական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր երկրի նուիրական պարտքն է ապահովել՝ որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը նոյնիսկ տեսականօրէն անհնարին դարձնէ ապագային իր երկրին դէմ տարածքային պահանջներու ներկայացումը։
Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որ Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով գործունէութիւն կը ծաւալէ, այս տարուան գրական մրցանակը շնորհեց ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեանին։
Հայ շարժանկարի սիրահարները տեւական դադարէ վերջ վերագտան իրենց հիմնական ժամադրավայրը:
ՆԱԹՕ-ի միջազգային ռազմական սպայակոյտի պետ զօրավար Եանուշ Ատամչաքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը նախընթաց օր աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի հետ։
Նուպար Աֆէեան. «Կը յուսանք աւելի պայծառ ապագայ մը կառուցել՝ նորարար գաղափարներով»:
«Ոգեղէն իրեր. Մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձերը» խորագրեալ ցուցահանդէս:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութիւնը յառաջ կը տարուի ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներով:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ ներառուած չէ՝ ատրպէյճանցիներու վերադարձի նիւթը։
Ըստ «The Washington Post»ի՝ Պրիւքսէլ մտահոգ է, թէ Ուաշինկթըն կրնայ բաւականաչափ ճնշում չգործադրել: