ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ԴԱՏԱԽԱԶ ՓԵԹԷՐ ՖՐԱՆՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ
Գերմանիոյ Դաշնակցութեան աւագ դատախազ Փեթէր Ֆրանք երէկ այցելեց Իսթանպուլ։ Սուլթանահմէտի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակման հետաքննութեան շրջագծով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը։ Փեթէր Ֆրանք հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատէն ներս, ուր տեսակցեցաւ փոխ-աւագ դատախազ Օրհան Քափըճըի եւ հետաքննութեան ձեռնամուխ դատախազ Ապտուլլահ Եուրտսեւէրի հետ։
Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ այսօր կը բացուի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։ Կը հաղորդուի, որ ան այս առթիւ կը տեսակցի միջազգային ներդրողներու հետ եւ մասնակցութիւն կը բերէ Տաւոսի հիմնական իրադարձութիւններուն։
Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հեռախօսազրոյց:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին կ՚ապրուին նոր խմորումներ։ Վերջին ժամանակներուն հասունցած եւ սահմանադրական հանրաքուէի շրջանին հանրային կարծիքի աչքին առջեւ առաւել յստակացած գործընթացներուն զուգահեռ՝ խիստ հաւանական է, որ յառաջիկայ շրջանին համախոհական նոր իշխանութիւն մը ձեւաւորուի երկրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Քարատաղ, իր պաշտօնակցին՝ Իկոր Լուքշիչի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ այդ երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը գտնուի կատարեալ մակարդակի վրայ: