ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ
ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարը շփումներ կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասէ ներս:
Ֆետերիքա Մոկերինի այսօր Երեւան հասնելէ առաջ, երէկ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մասնակցեցաւ Հարաւային կազի միջանցքի խորհրդակցական խորհուրդի նախարարաց մակարդակով կազմակերպուած ժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Ուժանիւթի նախարար Ալպայրաք:
Արհեստի եւ գեղարուեստական աշխարհէ ներս միշտ կը փայլի Սեւան Պըչաքճըի աստղը։ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Սեւան Պըչաքճըի անունը հերթական անգամ օրակարգի վրայ գայ՝ աներեւակայելիօրէն հետաքրքրական եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնով մը։
Ժընեւի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանը:
Սուրիոյ հրադադարը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ հրադադարի դրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի Սուրիոյ մէջ, հակառակ տեղի ունեցած շարք մը դէպքերուն։
Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիոյ «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յարգանքի տուրք մատուցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմնադիր հանգուցեալ Քըրք Գըրգորեանի եւ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անցեալ տարի հեռացան կեանքէն:
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս կը շարունակուին փոփոխութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերով Նախարարաց խորհուրդին մէջ նոր դէմք մը ընդգրկուեցաւ։
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարանին մօտ շաբաթավերջին ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, թանգարան այցելեցին հայ արդի արուեստի երկու հսկաներ, որոնք կատարեցին շրջայց մը եւ ստորագրեցին պատուոյ հիւրերու տոմարը։