«ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ԵՒՐՈՊԱ»
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ յաջորդ տարի երկիրը պիտի միանայ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը։
Ասիական զարգացման դրամատունը վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Հայաստանէ ներս իր ծաւալած գործունէութեան 10-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ դրամատան ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագրերուն շուրջ։
Թուրքիա կը վերահաստատէ իր շարունակական զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Այս խորհուրդի 22-րդ ժողովին շրջագծով Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Նոր կառավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ ան նախ այցելեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն, իսկ այսօր ալ կ՚անցնի Ատրպէյճան՝ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան առթիւ։
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու»ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ «Անձամբ կարգադրեցէք» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Պատմական ճշմարտութիւնները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնելու եւ հասարակաց յիշողութիւն մը կերտելու նպատակները հետապնդած նախագծի մը հիման վրայ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Պապիլ» միութեան կողմէ։