ՆԱԹՕ ՀԻՄՔ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երէկ, ՆԱԹՕ-ի Երեւանի տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան եւ Կովկասէ ներս ՆԱԹՕ-ի կապի սպայ Ուիլիըմ Լահիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մկրտչեան այս առթիւ նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ խաղաղապահներու տեղակայման հարցը կրնայ քննարկուիլ բացառապէս կողմերու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ։

«Հայաստան եւ Վրաստան ունին բաւարար ներուժ՝ խորացնելու համար տնտեսական գործակցութիւնը»:
2016 թուականի Փետրուարի 26-ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու. «Երաշխաւորուած է երկրի եօթանասունութ միլիոն քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին իրաւունքը անխտիր»:
Յունիս 7-ի ընտրութեանց արդիւնքին զուգահեռ՝ Հանրապետական պատմութեան մէջ աննախընթաց ձեւով խորհրդարանէն ներս աթոռներ պիտի զբաղեցնեն նաեւ երեք հայ երեսփոխաններ, միաժամանակ։ Այս արդիւնքը վերահաստատուեցաւ երէկուան քուէարկութիւնով։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Հայաստանի Քննչական կոմիտէին նուիրեց շարք մը սարքաւորումներ եւ համակարգչային ծրագրեր՝ քրէական գործերու թուայնացման նպատակով։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս եւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան։