ՀԱՄԵՐԳ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ
Մոնրէալի «Փլաս Տէ Զար» համերգասրահին մէջ, Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փանտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը՝ ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ» ստեղծագործութիւնը։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը սպառնայ Ռուսաստանին՝ ըսելով, թէ այսուհետեւ կազ պիտի չգնէ:
Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը: