ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան (ՃՀՓ) ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակեցման յանձնաժողովի անդամ։ Երէկ, խորհրդարանի այդ յանձնաժողովը գումարեց իր առաջին նիստը, որու ընթացքին Շանլըուրֆայի երեսփոխան Մեհմէտ Քասըմ Կիւլփընար (ԱՔ կուսակցութիւն) ընտրուեցաւ յանձնաժողովի նախագահ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Կը հաղորդուի, որ շուրջ 50 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան կը մասնակցի Աֆղանիստանի «Վճռական աջակցութիւն» խաղաղապահ գործողութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շրջագծով երէկ նոր էջ մը բացուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ: