ԲԱՆԱՎԷՃԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ
Հանրապետութեան նախագահը Ռուսաստանին խորհուրդ տուաւ՝ չխաղալ կրակի հետ: Փութին մերժեց Փարիզի մէջ Էրտողանին հետ տեսակցութիւնը: Մոսկուա որոշեց տարեմուտին դադրեցնել առանցվիզաներու մուտքի դրութիւնը: Չավուշօղլու եւ Լաւրով յառաջիկայ օրերուն կրնան տեսակցիլ Պելկրատի մէջ:
Էրտողան միջազգային յառաջատար հեռուստակայաններէն հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով:
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ վերջին օրերու խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ «Վիվասել» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան նախընթաց օր «Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ անակնկալօրէն յառաջացած լարուածութիւնը կու գայ խորացնել Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ առկայ անորոշութիւնը:
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Երկու ղեկավարները աշխատանքային ընթրիք մը ունեցան Էլիզէի պալատին մէջ, նաեւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միասնաբար յարգանքի տուրք մատուցին Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն նկատմամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Թիֆլիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ան ներկայ կը գտնուի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն բնոյթով հանդիպման։