ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ պարգեւատրեց վերջերս տեղի ունեցած Միջհամալսարանական համաշխարհային մարմնամարզի մրցաշարքերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած հայ մարզիկներն ու անոնց մարզիչները։
Արիւն մաքրելու (տիալիզ) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։
Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած «Encuentros 2015» միջազգային փառատօնի ժամանակ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:
Երուսաղէմի պատրիարքը այս շաբթուան սկիզբէն ի վեր կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ:
Մանուկեան, որուն կ՚ընկերանայ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան, վաղը հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի ապահովութեան մարմինները անցեալ Շաբաթ օր, Օգոստոսի 15-ին, յաջողեցան ձերբակալել Շէյխ Ահմէտ Ասիրը: Ձերբակալումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի օդակայանին մէջ: Ասիր եւ անոր ընկերակիցներէն մէկը յաջողած էին անցնիլ «Ռաֆիք Հարիրի» օդակայանին բոլոր խուզարկութեան կէտերը ու իրենց տեղերը գրաւել Գահիրէ մեկնող օդանաւին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ հրապարակեց կանխահաս ընտրութեան թուականը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Ժամանակ կորսնցնելու հետամուտ չեղայ ու պիտի չըլլամ»:
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ջերմակորիզային համաձայնութիւնը, որ կնքուեցաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, Իրանի եւ վեց գերպետութեանց միջեւ, անկասկած պատմական անկիւնադարձային, ուշագրաւ դէպք մըն է։ Այդ վեց պետութիւններն են Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները - Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան ու Չինաստանը - ինչպէս նաեւ Գերմանիան։ Այս առիթով մասնակից եղաւ Եւրոպական միութիւնը եւս։