ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀԻՄՆԷ
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ ազգային գործիչ Արա Աբրահամեան պիտի հիմնէ կուսակցութիւն մը եւ պիտի մասնակցի Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Հայկական քաղաքական շրջանակներէն ներս Արա Աբրահամեանի այս մտադրութեան կամ ծրագրին մասին երկար ժամանակէ ի վեր շրջանառութեան մէջ կը գտնուէին լսումներ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, թէ Պետական հակակշռման խորհուրդը պաշտօնի կոչած է՝ շաբաթավերջին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչական յարձակումի հարցաքննութեան համար։
Երէկ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտա-երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգային երգարան գրպանի» ժողովածոյին շնորհանդէսը։ Քսանմէկ հատորներէ բաղկացեալ այս ժողովածոն հրատարակուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին 31-րդ նստաշրջանը։ «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ գումարուեցան ժողովները, որոնց տանտէրն էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
