ՀՈՐԻԶՈՆԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱԾ
Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով ի զօրու դարձաւ Հանրապետութեան նախագահին որոշումը՝ ընտրութիւններու կրկնութեան մասին:
Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի միջեւ այս առաւօտ տեղի ունեցած տեսակցութիւնով սկսաւ ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքը:
Էրտողան այսօր կը տեսակցի Իսմէթ Եըլմազի հետ, ինչ որ կը բնորոշէ նախընտրական շրջանի սկիզբը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մէջ այցելեց ճամբարներ:
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։