ՊԱԿԱՍՆԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚ապրուին անակնկալ երեւոյթներ:
Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը հաւանութիւն չտուաւ հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան բաժնին շուրջ պատրաստուած նոր ամբաստանագրին:
Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ կատարուելիք լրամշակումներէն վերջ մեղադրականը դարձեալ պիտի ներկայացուի հաւանութեան: Կասկածեալներու շարքին թուարկուած են բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնց անունները միշտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին դէպքին պատահած օրէն ի վեր:

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Սպանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մատրիտի մէջ ան կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) տարեկան համագումարին եւ ընդլայնուած գագաթաժողովին։

Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։