ՓԱԹՐԻՔ ՄԱԼԱՔԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ ընդունեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ հանգուցեալ Անրի Վերնէօյի որդին՝ Փաթրիք Մալաքեանը, որուն հետ էր նաեւ ֆրանսահայ գործարար Ռենի Մեքենեճեան։


Ֆրանսահայ յայտնի գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարը» գիրքը արժանացաւ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակին։ «Մատամ Ֆիկարօ»ն յայտնի «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի կանանց յաւելուածն է, որ ունի բաւական լայն տարածում ու կը կազմակերպէ նման մրցոյթ մը։
