Լրահոս

ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան. «TRIPP-ը չի սահմանափակուիր միայն Ատրպէյճանի բուն մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ապահովելով»:
«Հայաստան շահագրգռուած է տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու բացմամբ՝ Կեդրոնական Ասիան կապելով Եւրոպայի հետ՝ փոխադարձ օգուտներու ապահովմամբ»:

ԱՆԵԼԻ ՄԷՋ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցաւ Ապպաս Արաղչիի հետ՝ իր կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովը։ 

ՉԱՐԼԶ Գ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ այս օրերուն կը հիւրընկալեն Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորն ու Քամիլլա թագուհին, որոնք պետական այցելութեամբ կը գտնուին Ուաշինկթընի մէջ։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ՝ ՄԱՍԻՍԱԲԱՂՁ ԵՐԱԶ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

27 ապրիլը խորհրդահայ գրականութեան մէջ, Համօ Սահեանի ծննդեան օրէն երկու շաբաթ ետք, նշանաւորուած է ծննդեան տարեդարձով Յովհաննէս Շիրազի (Օննիկ Կարապետեան՝ աւազանի անունով, Ալեքսանտրապոլ, այժմ՝ Կիւմրի, 27 ապրիլ 1914 - Երեւան, 14 մարտ 1984):

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՇԷՆՔԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ: Երկօրեայ շփումներու ծիրէն ներս Միրզոյեան կը հիւրընկալուի Ֆրասնայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի կողմէ: 

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՎԵՑ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Շաբաթավերջին, Ուքրայնայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցան վեց համաձայնագրեր, որոնք հետամուտ են ամրապնդել երկու երկիրներու համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս: 

ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑ

«Պէյօղլու» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ կալա եւ ասուլիս՝ գեղարուեստասէրներու եւ կենդանի վկաներու մասնակցութեամբ: Բերայի նշանաւոր «Նարմանլը» խանի մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական ֆիլմը՝ եզակի հնարաւորութիւն դարերը անդրանցնելու: Բեմադրիչ Ումութ Մեթէ Սոյտանի կողմէ արտադրուած ժապաւէնին մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, որու տպարանն ու խմբագրատունը երկար տասնամեակներ գտնուած են այդ պատմական համալիրէն ներս:

Էջեր