Լրահոս

ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ «ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ»Ը

«Արշիլ Կորքի. Նիւ Եորք-Երեւան. նոր ձեռքբերում» եզակի ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
«Սոթպիզ»էն աճուրդով ձեռք բերուած ստեղծագործութիւնը գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ:

ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻՆ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

2 մայիսին (նոր տոմարով)՝ 126 տարի առաջ, Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան Թէոդոսիա ուքրանական քաղաքի ողջ բնակչութիւնը ողբի ու սուգի մէջ, տեղի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն դէպի անմահութիւն կը յուղարկաւորէր հայազգի հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազեանը, աշխարհահռչակ Յովհաննէս կամ Իվան Այվազովսկին:

ՖԻՏԱՆ-ԱՐԱՂՉԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ծաւալուած բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցեր։ 

Է. ՄԱՔՐՈՆԻ ԱՅՑԸ

Վաղը, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի ժամանէ Հայաստան, ուր պիտի մնայ մինչեւ մայիսի 5-ը։ Ան պիտի մասնակցի թէ՛ Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին եւ թէ զուգահեռաբար՝ պետական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։

ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման նպատակով ստեղծուեցաւ յոբելենական յանձնաժողով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ յանձնաժողովը կը գլխաւորուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։ 

23-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 12-19 յուլիսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դարձեալ Հայաստան պիտի ժամանեն շարժանկարի աշխարհէն յայտնի դէմքեր, որոնք իրենց փորձառութիւնն ու արուեստը պիտի ներկայացնեն շարժանկարի սիրահարներուն։ 

ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Աշոտ Սաղեան յայտարարեց. «Պատկերացուցէք՝ Ատրպէյճան, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն ընդամէնը միայն մէկ ակադեմիկոս ունէր, այսօր Scopus-ի համակարգին ներառուած է տասնութ ամսագրով»։

Էջեր