ՊԱՅՐԱՄՈՎ-ԿԱԼՈՒԶԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։
Երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։
Երէկ, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ հիւրընկալեց Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը։ Փեքինի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ ընդգծուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս՝ ներառեալ առեւտուրը, ուժանիւթն ու խելացի տնտեսութիւնը։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
14 ապրիլին, 112 տարի առաջ, գարնան գեղեցիկ օր մը աշխարհ կու գար Համօ Սահեանը (Հմայեակ Սահակի Գրիգորեան՝ աւազանի անունով, Լոր գիւղ, Զանգեզուրի գաւառ, Սիւնիքի մարզ, 14 ապրիլ 1914 - Երեւան, 17 յուլիս 1993)՝ երկնատուր բանաստեղծական տաղանդի կրակը սրտին:
Այսօր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ժամադրուած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ յայտնի դարձաւ զարհուրելի պատմութիւն մը. խորթ մայրը պարբերաբար բռնութեան կ՚ենթարկէր՝ շուրջ մէկուկէս տարեկան երեխան եւ նոյնիսկ զայն սպաննելու փորձ կատարած էր (կ՚օգտագործեմ պաշտօնական ձեւակերպումը)։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ժամանակին, վերջին պատերազմներէն դեռ չքայքայուած սփիւռքի մեր գաղութներուն մէջ կազմակերպուած երեւի բոլո՛ր ձեռնարկներուն սկիզբի բացման խօսքերուն, կամ աւարտի սրտի խօսքերուն մէջ «եռանկիւն»ի մը մասին կը խօսուէր անպայման:
Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացէն ներս գերիներու հարցը միշտ կը մնայ խնդրայարոյց։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ այս խնդիրը իսկապէս խոցելի վիճակ մը կը յառաջացնէ՝ խաղաղութեան գործընթացի համոզիչ եւ ամուր շարունակութեան տեսակէտէ։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան աւելի քան ամիս մը տեւած պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարին եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանի անվտանգային կացութեան։
Վարչապետ. «Հայաստանի եւ Ղազախիստանի գործընկերութիւնը կը կրէ ռազմավարական բնոյթ»:
Երմեկ Քոշերպայեւի Երեւանի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն ժամանակ շօշափուեցաւ նաեւ TRIPP նախաձեռնութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս հերթական լայնածաւալ խորհրդակցութիւն:
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովի բովանդակային եւ օրակարգային հարցերը տակաւ կը յստականան: