ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԸ ԵՒ ՀԻՆԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կը խորանայ ծայր աստիճան մտահոգիչ ձեւով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները անհաւատալի համեմատութիւններու կը հասնին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները ահազանգ հնչեցուցին, որ այս առաւօտ եպիսկոպոս մը եւ հինգ քահանայ ձերբակալւած է։
Մխիթարեան միաբանութեան 325-ամեակին առթիւ կեանքի կոչուեցաւ յոբելենական ծրագիր մը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Պելժիոյ Մաթիլտա թագուհին, որ Հայաստան կ՚այցելէ՝ որպէս ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու դեսպան։ Յաջորդ տարի ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը (COP17) նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանայի նախագահ երկրի՝ Ֆինլանտիայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ, նաեւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբը հետեւողականօրէն կ՚ընթանայ վերելքի ճանապարհով՝ մինչ անոր նկատմամբ համակրանքը կը կամրջէ պոլսահայութիւնն ու արտասահման հաստատուած նախկին պոլսեցիները։
Սպասուած լաւ լուրերը. Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ արդէն տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում:
Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս համատեղ կարեւոր զրոյց:
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները փոփոխութեան ենթարկեցին՝ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններով բանտարկուած ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ մեղադրանքը։ Ան «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիրն է եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն։
Սուրիոյ ներքին կայունութեան ուղղեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ Դամասկոսէն հասան կարեւոր լուրեր։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան այդ երկրի շառաւիղը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու գլուխը՝ Մազլում Ապտի հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութեամբ: