ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անգարա եւ Երեւան վերահաստատեցին յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը:
Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս շօշափուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը: Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձան նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու: Հարաւային Կովկասի օրակարգով ասուլիսներ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ճաբոնի աւագ հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած 93-րդ համագումարով գործի պիտի լծուի նոր առաջին դէմքը:
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի կանգնեցուի ֆրանսահայ անմոռանալի հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Մայրաքաղաքի համանուն հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի այս արձանը՝ ի նշանաւորումն Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։
Արարատ Միրզոյեան ԱՆթալիայի մէջ՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Պերլինի երկօրեայ քննարկումներու աւարտին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութիւնը։ Մայրաքաղաք Պաղտատի շփումները աւարտելէ վերջ, Վահագն Խաչատուրեան ուղղուեցաւ Էրպիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հիւսիային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ։
Արցախի հերոս եւ նախկին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեան յայտարարեց. «Մեծ քայլերով կ՚երթանք դէպի պատերազմ»։
Գիրքերը մեր կեանքի անփոխարինելի արժէքներն են, որովհետեւ զանոնք մեզ կը գրկեն լաւ ընկերոջ մը պէս, մեզ կը վերաբերին յաջող բժիշկի մը նման, կը բանան մեր մտահորիզոնը եւ կ՚ուղղորդեն մեզ՝ առանձին չեն թողուր…
Անգլիոյ Թագաւորական պարտիզագործական ընկերութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ պարտիզպանութեամբ զբաղող երեխաները աւելի յաջող եւ խելացի են՝ քան միւսները։
Բնութեան ծանօթանալու համար երբեք ուշ չէ եւ բազում պատճառներ կան անոր մօտենալու, մտերմանալու համար։ Ըստ էութեան, բնութիւնը մարդիկ կը մղէ աւելի հանգիստ եւ երջանիկ զգալ։