«ԱՐԴ ԵՒՍ 2023-2024»
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ հաշուի առնել մշակութային արտադրութեան նոր հոսանքները, որոնց հիման վրայ կը մշակէ ծրագրեր։ Այսպէս, բաժանմունքը ներկայիս սկիզբ դրած է «Արեւմտահայերէնը՝ ապագայի համար. արդ եւս 2023-2024» խորագրեալ նախագիծին։
Օ՚Պրայըն այցելեց Պաքու. Փութին եւ Ռայիսի այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Անգարայի հետ ստեղծուած նոր իրադրութեան պայմաններով Աթէնք կը ձգտի այժմու հանդարտութիւնը տեւականացնել:
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաշի Սահա Սինհա յայտարարեց, որ իր երկիրը Հայաստանի համար պիտի դիւրացնէ Ճապահար նաւահանգիստի օգտագործման հնարաւորութիւնը։
Տուպայի մէջ կ՚ընթանայ COP28 գագաթաժողովը։ ՄԱԿ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը պահէ կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրը։ Այս հարցին հետեւանքները երկրագունդի եւ համայն մարդկութեան տեսակէտէ արդէն աղէտի հեռանկարներ ուրուագծած են։
Կասպից ծովու ափամերձ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը առիթ դարձաւ Հարաւային Կովկասի մասին քննարկումներու:
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, չորս տարուան դադարէ մը վերջ վերսկսան «Նարեկացիական ընթերցումներ»ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ազդարարուեցաւ այս գիտաժողովներու շարքի վերածնունդը։
Արցախի հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին լուսանկարչական ցուցահանդէս Երեւանի մէջ:
Արձակագիր ու բանաստեղծ Արմենուհի Սիսեան արժանացած է «Sahito International Literature Award 2023» գրական միջազգային մրցանակին։ Իրեն շնորհուած է այս տարուան դատակազմի մրցանակը՝ արձակի գծով։
Այս հինգշաբթի նախատեսուած է Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմին ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այս կարեւոր կառոյցին մէջ կը գտնուի անդամ մը, որ կը ներկայացնէ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆները։