ՄԱՀ՝ ՅԱՅՏՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀԱՅԿ ՏԻՏԻԶԵԱՆԻ
Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Հայկ Տիտիզեան, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհի տիրական դէմքերէն մին էր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրներն ալ երէկ գուժեցին, որ ի Տէր ննջած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծանուն բարերարներէն Հայկ Տիտիզեան։