Լրահոս

ՔԼԱԱՐԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը գլխաւորէ նոր նախարարաց խորհուրդին նիստը:
Կառավարութիւնը առաջին հերթին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ տնտեսութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին տպաւորութիւններ փոխանցած է՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնամուտի արարողութեան առթիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Անգարա կատարած այցելութեան շուրջ։

ՀԵՐԹԱԿԱՆԸ՝ ՌՈՏՈՍԻ ՄԷՋ

«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կը շարունակէ միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հետեւորդներուն պաշտամունքի եւ ընկերային կեանքը՝ իսկապէս վառ դրուագներով կը ցոլացնէ այս ցուցահանդէսը, որ ներկայիս կը կրկնուի Յունաստանի Ռոտոս կղզիին մէջ։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ ՊԱՆԾԱՑՈՒՑԻՆ ՀԱՅ ԿԻՆԸ

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռութեամբ, շաբաթ երեկոյեան, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կինը» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Կեդրոնականցիները վերջին տարիներուն գեղեցիկ աւանդութիւն մը ստեղծած են՝ պատմական կերպարներու եւ իրադարձութիւններու հետքը բռնելով՝ մերօրեայ ինքնութեան պահպանման պայքարի ուղեցոյցներ փնտռելու առումով։

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆԱԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողանի այսօրուան երդման արարողութեան առթիւ Թուրքիայէն պաշտօնապէս հրաւէր մեկնած է Հայաստան։ Ուստի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա՝ այս հրաւէրին ընդառաջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԴԷՊԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ տեսակցեցան Մոսկուայի մէջ։

ՔԻՇՆԵՒԷՆ ՎԵՐՋ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հերթական բանակցութիւններուն միացան նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Օլաֆ Շոլցը:
Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն առումով միջազգային բոլոր դերակատարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը: Յաջորդ բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը կը ծրագրուի յուլիսի վերջաւորութեան՝ նոյնպէս ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ:

Էջեր