ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ՓԱՆԵԼ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրաթիսլաւայի մէջ։ «GLOBSEC 2023 Bratislava Forum»ի շրջանակէն ներս տեղի կ՚ունենայ՝ անոնց մասնակցութեամբ փանելի ձեւաչափով քննարկում մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալու հարցին շուրջ, ինչ որ տագնապեցուցած է համայն հայութիւնը։
Թուրքիոյ ընտրողներուն 84.29 տոկոսը մասնակցութիւն բերաւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլի պատմական ու վճռորոշ քուէարկութեան:
Երեւանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Թուրքիոյ ընտրութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը երէկ ուշ երեկոյեան շնորհաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Մայիսի 14-ին տեղի ունեցած առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած ապահովել անհրաժեշտ քանակութեամբ քուէ։
Մոսկուայի եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ, այժմ կը սպասուի Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպման, որ նախատեսուած է յաջորդ շաբթուան մէջ։ Գագաթաժողովէն վերջ յայտարարուած էր, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ պիտի ծաւալուին փոխ-վարչապետներու բանակցութիւնները։
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները յաջորդ շաբաթ վերջնական ձեւ մը պիտի տան՝ տարածաշրջանային հաղորդակցական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման առկայ հարցերուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Կալաթասարայի պատմական նամակատան երդիքին տակ եզակի եւ յատկանշական ձեռնարկ մը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ