ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔ
Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ վաղուան եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ հայ իրականութենէն ներս համատարած մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն:
Եկեղեցւոյ կողմէ վերջնագիր:
Երեւան-Ստեփանակերտ հակադրութիւնը ջուրի երես կ՚ելլէ:
Հայաստանի ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը հետզհետէ կը զրկուի հանրային յենարանէ: Իշխանական ճամբարի երեսփոխանները կը ջանան մեղմել վարչապետին արտայայտութիւնները:
«Դատապարտելի եւ անընդունելի են խաղաղութեան պատրուակով հիմնաւորուած միակողմանի զիջումները»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ատրպէյճանէն խումբ մը լրագրողներ հիւրընկալելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս առթիւ հերթական անգամ անդրադարձաւ «Նեմեսիս»ի յուշարձանի հարցին։
Անգարա-Դամասկոս բնականոնացման գործընթացէն ներս տակաւին կան լուրջ տարակարծութիւններ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած կուսակցականներու խումբը։ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Կէօքհան Եիւքսելի առաջնորդած կուսակցականները եւ ընտրեալ-երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։
Միրզոյեան-Տոքերթի հանդիպում. Երեւանի եւ Լոնտոնի միջեւ կը սկսի ռազմավարական երկխօսութիւն:
Նիւ Եորքի Թրքական տունը նախընթաց օր կէս գիշերին յարձակումի մը թիրախը դարձաւ։ Տեղական ժամով 03.14-ին անծանօթ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին եւ իր ձեռքի երկաթեայ ձողով կոտրեց ապակիները։
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Շաբաթավերջի ընտրութեան եզրափակիչ փուլին՝ երկրորդ քուէարկութեան պիտի մրցին «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ու «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։
Կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի մէջ այս շրջանին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի կենսական նշանակութեամբ դեղօրայքի մատակարարման։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս պարգեւատրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ միշտ կը խրախուսէ համահայկական ժառանգութեան պահպանումը եւ համահայկական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը կը ձգտի խթանել։