ՍԻՊԻԼԻ ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԵՐԳԸ
Մեներգչուհի Սիպիլ այսօր նոր ստեղծագործութիւնով մը կը ներկայանայ երաժշտական աշխարհին։ Ան թէեւ որպէս պոլսահայ մեներգչուհի սկսաւ իր ճանապարհորդութեան, սակայն, վաղուց արդէն համայն հայութեան կողմէ իւրացուած արժէքի մը վերածուած է, նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ։
Պաքինկըմի պալատէն գոյժ. 96-ամեայ Էլիզապէթ Բ. մահկանացուն կնքեց՝ եօթ տասնամեակ գահակալելէ վերջ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այս օրերուն կ՚այցելէ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան կ՚ունենայ զանազան շփումներ։
Երեւանի Գրողներու տան մէջ վերջին օրերուն մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ ի պատիւ քուէյթահայ հասարակական գործիչ ու բարերար, նաեւ գրող Կիրակոս Գույումճեանի, որ սփիւռքի եզակի դէմքերու շարքին կը դասուի ու կը ջանայ մղիչ ուժ մը ըլլալ՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան խթանման ճանապարհին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում մը ունեցաւ Վլատիվոսթոքի մէջ, ուր երկու ղեկավարները կը գտնուէին մասնակցելու համար «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճանապարհին» նիւթով կազմակերպուած Արեւելեան տնտեսական 7-րդ համաժողովին։
Կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած է կարեւոր ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանին վրայ դարձեալ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը՝ Արման Սարգսեան (2002)։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահը՝ Ֆիլիփ Ռիքէր ներկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Երեւան։ Ֆիլիփ Ռիքէր վերջերս նշանակուած էր Կոկվասի հարցերու բանակցութիւններու գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առումով Երեւան կը կարեւորէ Մոսկուայի ջանքերը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ