ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԴԻՒՐԻՆ ՉԷՐ»
Պորել. «Կարեւոր է աշխատանքը շարունակել խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջ մղելու համար։ ԵՄ կ՚աջակցի խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասին»:
Պրիւքսելի հանդիպումէն վերջ «Քոմերսանթ»ի մէջ վերլուծութիւն. «Հայաստան օրէ օր աւելի ու աւելի կը համարկի՝ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն պարտադրուած պատկերին»:
«Անտեղի են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծուած ըլլալու մասին յայտարարութիւնները, որովհետեւ տակաւին հասցէագրուած չեն Արցախի հայութեան անվտանգութեան խնդիրները»:
Հայաստանի Արարատի մարզի Վետի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է տհաճ դէպք մը, ինչ որ ուշագրաւ դարձած է լրահոսին վրայ։ Երէկ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց, որ այդ դէպքի մասնակիցները եղած են Թուրքիոյ քաղաքացի ամուսիններ։
Յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեան երէկ տեղեկացուց, որ որոշած է հրաժարիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան քաղաքացիութենէն եւ հաստատուիլ Արցախ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը թիրախաւորուած է Ափրիկէի մէջ։ Փարիզի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Չինաստան Ափրիկէի մէջ քարոզչութիւն կը կատարեն իր երկրին դէմ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ. «Կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը պատրաստել կայուն խաղաղութեան»:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Երէկուան հեռախօսազրոյցներով պատրաստուած մթնոլորտով՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ այսօր Միշելի միջնորդութեամբ կը շարունակեն կարգաւորման գործընթացը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Բանակցութիւններէն առաջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ հանդիպում մը ունեցաւ անոնց հետ եւ ողջունեց իրենց կողմէ գլխաւորուած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն շարունակուիլը։