ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանին վրայ դարձեալ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը՝ Արման Սարգսեան (2002)։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանին վրայ դարձեալ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը՝ Արման Սարգսեան (2002)։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահը՝ Ֆիլիփ Ռիքէր ներկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Երեւան։ Ֆիլիփ Ռիքէր վերջերս նշանակուած էր Կոկվասի հարցերու բանակցութիւններու գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առումով Երեւան կը կարեւորէ Մոսկուայի ջանքերը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակը:
Միրզոյեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին անվտանգութեան հարցերու, նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներուն շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարեւոր օրեր պիտի ապրի Լիբանանը։ Խօսքը անշուշտ նոր նախագահի ընտրութեան մասին է, որ պէտք է իրականացուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը։ Այդ կը թելադրէ երկրի սահմանադրութիւնը եւ այդ կանոնին հիմամբ երկրի գործող նախագահ զօր. Միշել Աուն պարտաւոր է Պաապտայի նախագահական պալատը լքել մինչեւ վերը նշուած թուականը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը ծրագրուի հանրապետութեան նախագահներու միջեւ շփում մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Վլատիվոսթոք, ուր իր շփումները կը շարունակուին մինչեւ ուրբաթ՝ 9 սեպտեմբեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումէն ետք Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ինք կը հաւատայ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելի է կնքել քանի մը ամիսէն, վերստին կ՚ընդգծէ Պաքուի շտապողականութիւնը Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու ուղղութեամբ: Այս շտապողականութեան իբրեւ հիմնաւորում՝ Ալիեւ կը հաստատէ, որ հայկական կողմը ընդունած է Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերը եւ այդ համաձայնութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի վարչապետը Պրիւքսելի հանդիպումին:
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ պատմական եկեղեցւոյ մէջ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան: Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այց մըն ալ տուաւ կուսակալ Օզան Պալճըին: Ուխտագնացութիւնը առիթ դարձաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ենիգիւղի յունաց Այա Փանայիա եկեղեցին այս ամրան հիւրընկալեց «Թէոթոքիա 2022» մշակոյթի փառատօնը, որ խանդավառ համերգով մը եզրափակուեցաւ շաբաթավերջին։ «Փոխանակում» նիւթին ձօնուած էր այս տարուան փառատօնը, որու շրջանակին մէջ ամրան ամիսներուն կազմակերպուեցան լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, գիրքի շնորհանդէսներ, ասուլիսներ եւ այլ ձեռնարկներ։