ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ
Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի բանակի նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։